Վերամուտի Քաղցրահամ Յուշերով
Իւրաքանչիւր վերամուտ իր երազանքներու եւ յոյսերու հրաշակերտ շարանով կը պարուրէ բոլոր անոնք, որոնց մտքերն ու հոգիները լոյսի, պայծառութեան ու գիտութեան անյագ ծարաւով կը թեւածեն: Թերեւս ոմանց համար շատ զգացական թուի ըլլալ այս արտայայտութիւնը, բայց մարդը ու մնացեալ բոլոր արարածները միշտ տարբերած են իրարմէ, մարդուն բանականութեամբ, եւ անշուշտ զայն որպէս մարդ ամբողջացնող, զարդարող ու անոր մտքին խորք ու հասունութիւն պարգեւող՝ զգացականութեամբ: