Placeholder text, please change

Յովհաննէս Թումանեան

2019 ընթացիկ Փետրուար ամիսը նուիրուած է՝ Հայ մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս. Թումանեանի ծննդեան 150 ամեակին: Մեծ յարգանքով կը յիշատակենք այս մեծ գրագէտի յիշատակը, որով մեր յարգանքի տուրքն է, որ անոնց կեանքն ու գործերը աւելի խորութեամբ ուսումնասիրենք, արժեւորենք եւ առաւել եւս ճամաչելի դարձնենք, իր ազգային հնչողութեամբ: Ան « հայոց մեծերից ամենամեծն էր», «Ամենայն Հայոց բանաստեղծն» էր, Հայոց Չորս բարձր գագաթներից ամենաբարձրը» հաստատուած էր...:

Վերջին տասը տարուան ընթացքին Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրուան նուիրուած, «Գիրք նուիրելու տօն»ը դարձաւ Հայաստանի հանրապետութեան լաւագոյն տօներէն մէկը: Հայ մեծ գրողին ծննդեան օրուան առիթով աւանդութիւն դարձած Գիրք նուիրելու օրուան ընդառաջ այս յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Մելիտոնեանը:

Փա՛ռք ու Պատի՛ւ քու անմահ յիշատակիդ՝ Ամենայն հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեան: