Յունուար 18-էն մինչեւ Փետրուար 23-ի ժամանակահատուածի մէջ, Սուրբ Զատիկէն 63 օր առաջ, Հայ Առաքելական եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Սարգիսի Տօնը:
Զատիկը շարժական տօն է, այսինքն իւրաքանչիւր տարի նշելու օրը կը փոխուի: Հայ առաքելական եկեղեցին Զատկուան Տօնը կը նշէ գարնան գիշերահաւասարին յաջորդող լուսնի լրումին Full Moon առաջին կիրակի օրը, որ կը սկսի Մարտի 22-էն մինչեւ Ապրիլի 26-ը (35 օր /5 շաբաթ) ժամանակահատուածի մէջ։
Սուրբ Սարգիսը ու Սուրբ Գէորգը հայերուն ամենասիրած սուրբերն են: Երկրորդը կարգին կու գան Սրբ. Յակոբը, Սրբ. Յովհաննու Կարապետը եւ Սրբ. Վարդանը կամ Վարդանանց Տօնը:
Սուրբ Սարգիսը քրիստոնեայ հայ երիտասարդութեան ամենասիրելի սուրբն է: Սրբ. Սարգիս զօրավարը երիտասարդներու արագահաս բարեխօսն է: Սրբ. Սարգիսի միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ'ունենան – ինչպէ՛ս
ա-Գործի յաջողութիւն,
բ- առողջութիւն եւ
գ- ամուսնութիւն
Ժողովրդական սովորութիւններէն է նաեւ, Ս. Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը երիտասարդ/երիտասարդուհիները աղի բլիթ ուտեն, որու հետ կը կապեն նաեւ իրենց ապագայի հարսնացուին կամ փեսացուին յայտնուիլը իրենց երազի մէջ:
Այդ օրուան յիշատակելի սովորոյթներէն է փոխինձով (փոխինդով) պնակը/ամանը դնել տան տանիքին կամ պատշգամին եւ սպասել Ս. Սարգիս զօրավարի ձիու պայտին հետքին:
Ըստ աւանդոյթի Ս. Սարգիսը պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի եւ ո՛ր ընտանիքի ամանի մէջ դրուած ալիւրի կամ փոխինդի մէջ թողնէ իր սպիտակ ձիուն պայտի հետքը, այդ նշան մըն է թէ, շատ շուտով պիտի իրականանայ տան երիտասարդին երազը կամ երազանքները: