Placeholder text, please change

Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարը Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանէն Ներս

Ուրբաթ Յունուար 18, 2019ին վարժարանս պատմական պատեհ առիթը ունեցաւ ընդունելու Նոր Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարար՝ Արայիկ Յարութիւնեանը: Նախարարին կ'ընկերանար Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի հիւպատոս Արմէն Պէյպուրթեան եւ խորհրդատուն՝ Վարազդատ Պահլաւունի: Ինչպէս նաեւ ներկայ էին Ազգային վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ատենապետ Տիկ. Լիզա Կապուտեան ու անդամներէն՝ Դոկտ. Յասմիկ Պարան:
 
Բոլորիս կողմէ երկար տարիներ սպասուած էր Նոր Հայաստանը եւ նոյնքան եւ աւելին՝ նոր ու նորոգուած Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութիւնը, որ ի վերջոյ անաչառ ու խստապահանջ կերպով պիտի գործէր, Հայաստանի կրթական համակարգը մաքրագործելու եւ սրբագրելու զայն համայնավարական ու փտախտի ամէն տեսակի անընդունելի երեւոյթներէն:
 
Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան փոփոխութեան փաստը նաեւ իր բարի անդրադարձը ունեցաւ սփիւռքին հայրենիքէն ունեցած ակնկալութիւններուն իմաստով: Բոլորիս մօտ, հայրենիքը կենսական ուժի աղբիւր ըլլալը եւ անոր կարողականութիւնը ամբողջովին ի գործ դրուելու արդար ակնկալութիւնները վերաշխուժացան: Քայլ առ քայլ ու այս անգամ լիարժէք կերպով համայնավարական լուծը թօթափող իշխանափոխութեան ամենէն կարեւոր առաքելութիւնը կը համարուի կրթական առողջ եւ հայեցի մթնոլորտի ստեղծումը: Այս պարտականութեան համար կոչուած նախարար՝ Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանը ամենէն աւելի պէտք է ունենայ «Մաքուր ձեռքեր ու տաք սիրտ», ինչպէս Գարեգին Նժդեհը պիտի ըսէր բոլոր ազգային եւ եկեղեցական այրերուն համար:
 
Պրն. Նախարարը վարժարան ժամանեց ժամը 10ին եւ զայն դիմաւորեցին վարժարանիս գործադիր տնօրէն՝ Տիկ. Մարալ Դաւիթեան, պաշտօնէութիւն եւ կարգ մը ուսուցիչներ: Դրան առջեւ նաեւ հայկական աւանդական տարազով երեք աշակերտներ իրենց ողջոյնի մաղթանքները յայտնեցին ու ներս հիւրասիեցին հիւրերը:
 
Կարճ հանդիպում մը, սուրճի սեղանի մը շուրջ, տնօրէնի սենեակէն ներս եւ ապա անցաւ իր շրջապատոյտին սկսելով երրորդ դասարանէն, անցնելով վեցերրոդ կարգ ապա գրադարանի միջոց անցաւ դէպի երկրորդական ու հանդիպեցաւ  երկրոդականի աշակերտներուն հետ իրենց հայերէնի դասարաններու ընլացքին եւ գիտութեան տարալուծարանէն ներս:
 
Շատ յստակ էր նախարարին քաջատեղեակ ըլլալու փաստը ու անոր հետաքրքրուած հարցումները ու հաճելի եւ ահրազատ մօտեցումը աշակերտներուն հետ: Ան ուրախութեամբ պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն, հետեաքրքրութեամբ հետեւեցաւ անոնց խաղերուն եւ ապա գիտական փորձարկներուն մասին միտքերը գրգրող հարցադրումներ ուղղեց աշակերտներուն: Մէկ խօսքով իր ներկայութեամբ տպաւորիչ ու իր մասնակցութեամբ՝ շատ հաղորդական ու դրական անձնաւորութիւն էր:
 
Աւարտին հանդիպեցաւ նաեւ մարզասրահ եւ խաղերուն ու մարզական մթնոլորտն ալ վայելելով բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց ու նոյնպէս բարձր տպաւէորութիւններով հեռացաւ մեր վարժարանէն:
 
Վստահ ենք որ այս հանդիպումը պիտի չմանյ եզակի ու անպայման պիտի ճիղաւորուի ու ամրապնդուի սփիւռք-հայրենիք իսկական եւ գործնական կապը հզօրացնելու միտումով: