Սեպտեմբերի 27ին մեր վարժարանի Թ կարգի թատրոնի դասարանի աշակերտները, իրենց դասատու Տիկին Կասիա Մահսերէճեանի առաջնորդութեամբ, պատեհ առիթը ունեցան հանդիպելու հասարակական գործիչ եւ թատերագիր Արամ Գույումճեանին հետ: Անոնք ծանօթացան անոր վաստակին ու ի մասնաւորի ամերիկահայ մեծանուն գրագէտ-թատերագիր Ուիլիամ Սարոյեանի անտիպ թատերական գործերուն գնահատելու եւ արժեւորելու համար անոր արուեստը:
Աշակերտներուն համար մեծ ուրախութիւն ու հպարտութիւն էր տեսնել հայ մեծանուն վարպետին միջազգային նուաճողներուն կարգին ու ապա ծանօթանալ այն երախտապարտ հայուն, յանձինս Արամ Գույումճեանին, որ իր ուսերուն վերցուցած է համաշխարհային տաղանդին շուքի տակ մնացած գործերը երեւան հանելու եւ անոնք արժանավայել կերպով ներկայացնելու:
Առաջին հերթին աշակերտները իրենց իմացած եւ պատրաստած բաժինների ներկայացուցին եւ ապա լսեցին Գույումճեանի արուեստը ու անոր անդրադաձը շատ բարձր էր աշակերտութեան մօտ: Արամ Գույումճեանը Էլլի մրցանակի տէր է թէ բեմադրութեան «Երեք Պանդոկներ» (Three Hotels) եւ թէ գրելու (The Farewells) համար: Անոր գործերը ներկայացուած են աւելի քան վեց տարբեր քաղաքներու մէջ Լոս Անճելըսէն մինչեւ Լոնտոն: Իսկ իր վերջին իրագործումներն են, «Happy Armenians», բացօթեայ գեղեցիկ բնութեան մէջ ներկայացուած թատերական կտոր մը: Այլ գործ մը «Go On» Լոս Անճելըս քաղաքի կեդրոնական հանրային պարտէզէն ներս եւ յառաջիկայ «Constantinople» գործը:
Աւարտին աշակերտները մեծապէս գնահատեցին տարուած աշխատանքը, հպարտութեամբ իրենց տպաւորութիւնները արտայայտուեցան հարստացնելով իրենց ազգային եւ աշակերտական փորձառութիւնը:
Ապագայի թատերագիրները եւ բեմադրիչները անգամ մը եւս խանդավառուեցան տաղանդաշատ անձնաւորութեան ներկայութեամբ ու ներկայացումով: