Նմանօրինակ զգացականութեամբ զեղուն պահով ողողուած էր հայատրոփ Փոքրիկ Հայաստանի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային կէս դարեկան կրթօճախի իւրաքանչիւր գողտրիկ անկիւն: Այդ անկիւնները, որոնք հմայք ունին միայն հոն առօրեայի վերածող աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն համար: Այն անկիւնները, որոնք իմաստ ունին հոն անվերջ ճեմող ու վազվզող փոքրիկ ոտքերուն համար: Այդ անկիւնները, որոնք ապագայի յստակ ճանապարհի անհաստատ քայլերով կը կոփեն նորահաս սերունդի իտէալական բարձրաթռիչ երազները: Անկիւններ՝ որոնց մասին պիտի վկայեն իրերայաջորդ սերունդները, պիտի փոխանցեն անհատնում դրուագները իրենց կեանքի ամենէն հաճելի կամ երբեմն տխուր օրերու մասին: Այդ անկիւնները թեքերողները տարիներ ետք պիտի ըսեն. «Աղջիկս գնայ դպրոցի բակին առաջին ծառին տակ նստէ ու հատ մըն ալ նկարուիր ու սէլֆոնիս ղրկէ նկարը...»: Կամ .« Ո՞ր յարկն է քու լաքըրըդ, Օ՜հ... իմս ճիշդ անոր քովինն էր»... Եւ այսպէս մանր-մ ունր բաներ, որ ինքին կեանքի ուղին կը լեցնեն զինք իմաստաւորող գեղեցիկ ու փոքր ժպիտներով:
Կեանքը կ'եռար դպրոցի բակին մէջ Օգոստոսի 20ի առաւօտեան: Ալէքսանտրիա փողոցն ալ քիչ մը աւելի եռուզեր ունէր այս առաւօտ: Անհամբեր ծնողները իրենց երեխաները կ'առաջնորդէին ճեփ-ճերմակ մաքուր փոլոներով եւ նոր ու պսպղուն կօշիկներով, անշուշտ լայն ժպիտներով ու յուզումնախառ ապրումներով:
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի շրջափակը արդէն սկսած էր նեղ գալ 730է աւելի հարազատ հայ սաներուն համար: Նորէկներ, նախկիններ, կրկին վերադարձողներ եւ շրջանաւարտներ: Աշակերնտերը բոլորը մէկ հաւաքուած ու շարուած իրենց համար վերապահուած տեղերը եւ ապա հերթով անցան «Ներսէս Թաշճեան» մարզասրահ, պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը վայելելու համար:
Օրուան հանդիսավարը՝ Տիկ. Անժելա Գազանճեան, թուաբանութեան եւ գիտութեան տարիներու վաստակաւոր դասատու, Սուրբ Կարապետ մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը հրաւիրեց, որպէսզի աղօթքով կատարէ բացումը, ինչպէս նաեւ Վարժարանի Աշակերտական Խորհուրդի նախագահն ու փոխ նախագահը որպէսզի ազգային խոստումները կատարեն պատշաճ ձեւով: Ապա Տիկ. Գազանճեան իր ողջոյնի ջերմ խօսքով բարի գալուստ ու յաջողութիւն մաղթեց բոլորին: Վարժարանի այս տարեշրջանի նշանաբանի «Մէկ»ի մասին թուաբանական իր հաճելի դարձուածքով յիշեցուն որ տիեզերական ամբողջութեան խորհրդանիշն է մէկը թուաբանական աշխարհին համար: Այս իսկ առումով, ամբողջութիւն եւ միացումն է մեր վարժարանի 2018-2019 տարեշրջանի կիզակէտը:
Հանդէս եկաւ Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի անդամաներէն Պրն. Սարգիս Ուրֆալեան իր պատշաճ խօսքով ու յորդորիչ խրատներով: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Վարժարանի յարկէն ներս կատարուած վարչակարգային փոփոխութեան: Նոր համադրութեան համաձայն վարժարանը ունի ղեկավար, յանձինն Դոկտ. Ալինէ Դուրեանին եւ ապա գործադիր տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ տարիներու փորձառու խորհրդատու Տիկին Մարալ Դաւիթեան: Ուժ եւ կորով մաղթեց Պրն. Ուրֆալեան աճող ու օրէ օր յաջողութիւններ ձեռք ձգող Ազգային Վարժարանի ամրակուռ կառոյցին եւ յարատեւութիւն ազգային իր առաքելութեան սուրբ ճանապարհին որուն համար անվերապահօրէն եւ բացարձակ նախանձախնդրութեամբ կը գործեն վարժարանի ուսուցչական կազմը, տնօրէնութիւն եւ գաղութը: Ան վստահութեամբ հաստատեց թէ նոր տնօրէնուհին, Տիկին Մարալ Դաւիթեանը, նախորդներուն նման, խղճամիտ բծախնդրութեամբ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը, ի գին հայ ազգային վարժարանի ու հայ աշակերտի բարգաւաճման ու յառաջացման:
Ապա բեմ բարձրացաւ վարժարանիս նորանշանակ Ղեկավարը՝ Դոկտ. Ալինէ Դուրեան: Ան իր գոհունակութիւնը եւ հպարտութիւնը յայտնեց ի տես ազգային վարժարանի վերամուտին ու անոր շուրջ հաւաքուած հայ աշակերտին խանդավառութեան: Ան յայտնեց չէ, Ինչպէս իւրաքանչիւր տարեմուտի, այս տարի եւս նոր ծրագիրներու շարք մը կը սպասեն իրականացման: Այդ աշխատանքը, որպէս միատարր էութիւն եւ մէկ եւ միակ ամբողջութիւն պիտի կատարէ վարժարանի անձնակազմը իր ղեկավարութեամբ եւ նոր տնօրէնուհի Տիկ. Մարալ Դաւիթեանի առաջնորդութեամբ: Ան աւելցուց, թէ Փիլիպոսը միշտ անսալով «ՄԷԿ»ի գաղափարին, յառաջատարը եղած է ուսում, կրթութիւն եւ ազգային դաստիարակութիւն ջամբելուն ու միշտ ալ պիտի մնայ: Ինչպէս միշտ, Դոկտ. Դուրեան իր սիրոյ ու գնահատանքի խօսքը ուղղեց նուիրեալ դասատուներուն եւ աշխատակազմին ու իր անսահման սէրը յայտնեց աւելի քան 730 աշակերտներուն, որոնք 181 օրերու մէջ պիտի դառնան վարժարանի ղեկավարները եւ գերազանցօրէն պիտի նուաճեն նոր բարձունքներ իրենց երազներու եւ ազգային իղձերու իրականացման ճանապարհին վրայ:
Ապա բեմ բարձացաւ Վարժարանիս նորանշանակ տնօրէնուհի Տիկին Մարալ Դաւիթեան իր անդրանիկ ուղերձը ներակայացնելու 2018-2019 տարեշրջանի աշակերտներուն, ծնողներուն, ուսուցիչներուն, գաղութի ներկայացուցիչներուն պատկան մարմիններուն եւ նախկին շրջանաւարտներուն, որոնք ստուար թիւով եկած էին իրենց չյագեցող կարօտը առնելու սեփական օճախէն: Տպաւորիչ, համեստ եւ գործնական էր Տնօրէնին խօսքի ինչպէս իր անձը եւ գործունէութիւնը, որ ճանչցած ենք երկար տարիներու իր լուր ու համեստ աշխատանքին ընդմէջէն: Տիկին Դաւիթեանը հաստատեց թէ իր ամբողջ ուժով ու կորովով պիտի գործէ հայ վարժարանի վերելքը ապահովելու եւ Փիլիպոսի նուաճած արժանաւոր վարկը պահպանելու եւ նոր բարձունքներու հասցնելու համար: Ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց նախկին տնօրէնին ու պատկան մարմիններուն, որ իրեն վստահեցան այս պատասխանատու պաշտօնը: Ան խոստացաւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի տնօրինումը յաջողցնել բարձր գիտակցութեամբ ու հայեցի անաղարտ ոգիով: Ան հաստատեց թէ պիտի առաջնորդէ սիրելի վարժարանը եւ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէ, վարժարանին ինքնութիւնը աւելիով ամրապնդելու հայ գաղութէն ու համայնքէն ներս:
Վարժարանի բոլոր խաւերէն կազմուած խումբ մը ներկայացուցիչներ իրենց պատգամները ներկայացուցին միասնաբար առաջնորդելու միտումով եւ «Ես եմ, Դուն ես, Մենք ենք Փիլիպոսը» կրող լոզունքը միասնաբար բարձացուցին:
Աւարտին Տէր Վիգէն Աւագ Քահանայ Վասիլեանը իր զօրակցութեան ամբողջական կամեցողութիւնը եւ խոստումը փոխանցեն նոր տնօրէնուհիին, միշտ անվերապահ գործակցութեան պատրաստակամութիւնը ունենալով: Տէր Վիգէն կարդաց Առաջնորդ Սրբազան Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին ուղերձը ներկաներուն: Առաջնորդ Սրբազան հայրը, ինչպէս միշտ, Աստուծոյ գոհունակութիւն յայտնելով բարի եւ յաջող երթ մաղթեց մեր վարժարանի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն: Հաստատեց թէ հայ վարժարանի ներդրումը անմասն է մեր ազգային կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ: Առ այդ մեծ ակնկալիքներ ունինք մեր նոր սերունդէն, ու շատ բան կայ վստահուած անոնց ուսերուն, որուն համար վստահ ենք թէ, մեր վարժարանները կը կերտեն հայ նոր սերունդը համապատասխան բծախննդրութեամբ եւ ուշադրութեամբ եւ ազգային հզօր ինքնութեամբ: Սրբազան հայրը շեշտեց ամէնօրեայ ազգային ոգիի ներառկման հիմնական պատասխանատուութեան մասին: Հայ մանուկը հայերէն լեզուն, գրականութիւնը, պատմութիւնը եւ մշակոյթը սորվելով, այս արժէքներուն հանդէպ սէր ու յարգանք կը տածէ հայ վարժարանէն ներս ու իր հետ կը կրէ ամբողջ կեանք մը, որպէս ինքնութեան հպարտ կնիք: Հայ աշակերտին այս բոլորը փոխանցելու ծանր բայց քաղցր պարտականութիւնը յանձնուած է հայ դպրոցին, եկեղեցիին ու ակումբին: Աւարտին, ամբողջական մարդակերտումի եւ հայակերտումի այս սուրբ կրթօճախը միշտ վառ մնալու մաղթանք առաքեց առ Աստուած եւ շեշտեց թէ, ինչպէս միշտ այս տարի եւս, բոլորին գուրգուրանքին առանձքը պիտի դառնայ հայ վարժարանը:
Աւարտին ծնողները փոքրիկ հիւրասիրութեամբ մը պատուուեցան եւ հաւաքուեցան Հայ Կեդրոնէն ներս, իսկ աշակերտները իրենց համապատասխան դասարանները ուղղուեցան, շարունակելով առաջին օրուան դասածրագիրը:
Բարի երթ մեր բոլորին սիրելի հայ ազգային վարժարնին՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոսին: