Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 9ի առաւօտեան վարժարանս այցելեց, Հայաստանէն ժամանած, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ՝ Տիար Արմէն Ռուստամեան՝ ընկերակցութեամբ շրջանիս ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ՝ Կարօ իսպէնճեանի:
Տնօրէնութեան կողքին, հւրերը դիմաւորեցին, հայկական ատարազով յարդարուած աշակերտներ եւ ուղուելով մարզասրահ,,ուր հաւաքուած էին 11 րդ եւ 12րդ կարգի աշակերտներ: Բարի գալուստի խօսքէն ետք,գեղարուեստական յայտագիր մը տեղի ունեցաւ՝ հայրենասիրական երգերով, ասմունքով եւ երիտասարդական հարցերով ուղուած Պրն.Ռուստամեանին, որ իր կարգին պատշաճ բացատրութիւններով եւ պատգամով դրուատեց նաեւ վարժարանիս ազգային շունչն ու աշակերտներու հայրենասիրական ոգին:
Հանդիպումը վերջ գտաւ Արիւնոտ դրօշ երգեցողութեամբ եւ վարժարանիս 50 ամեայ խորհրդանշանը կրող յուշանուէրի մը յանձնումով՝ յարգելի հիւրին: